2017-03-06 08:58:00

Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնեցաւ Արիչչա` հոգեւոր կրթութեան համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 5 Մարտ 2017 երեկոյեան սկիզբ առին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ու Հռոմէական Քուրիայի  քառասնորդացի Հոգեւոր կրթութեան խորհրդածութիւններու նիստերը զոր` Արիչչայի Աստուածային Վարդապետ անուամբ կեդրոնին մէջ ներկայացուց Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան անդամ Հայր Ճուլիօ Միքելինի։

Նորին Սրբութիւնը եւ իրեն ընկերացող համագործակիցները Վատիկանէն փոխադրակառքով մեկնեցան կէսօրէն ետք ժամը 4-ին եւ Արիչչա հասան 45 վայրկեան  ճանապարհորդութենէն ետք։

Եըեկոյեան ժամը 6-ին` Աստուածային Վարդապետ անուամբ կեդրոնի մատրան մէջ Հայր Միքելինի ներկայացուց  Հոգեւոր Կրթութեան  նիւթը ''Յիսուսի չարչարանքը, մահն ու Յարութիւնը ըստ Մատթէոս Աւետարանիչին''  (26- 28-րդ գլուխները)  ապա որպէս խորհրդածութիւններու նախաբան` Հայր Միքելինի մեկնաբանեց  Մատթէոսի աւետարանի 16-րդ Գլուխէն քաղուած`13 -21րդ հատուածները ուր կը խօսուի Պետրոսի դաւանանքի մասին ու Յիսուսին որ իր աշակերտներուն կը յայտնէ թէ Երուսաղէմ պիտի երթայ։

Այս նիւթը հանդիսացաւ նաեւ երկուշաբթի 6 Մարտի խորհրդածութեան առաւօտեան նիստի առանցքը։  

Խորհրդածութեան աւարտին տեղի ունեցաւ Սուրբ հաղորդութեան երկրպագութեան ջերմեռանդական արարողութիւնն ու ժամասացութեան կարգը։

Իսկ Երկուշաբթի 6 Մարտի օրակարգը սկիզբ առաւ առաւօտեան ժամը 7,30-ին, Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ որուն յաջորդեց նախաճաշը հուսկ օրուան առաջին խորհրդածութեան նիստը` 9,30-ին, ապա ամփոփում ու ճաշ։

Հոգեւոր կրթութեան երկրորդ խորհրդածութեան  նիւթը կը հանդիսանան` Յիսուսին վերջին խօսքերն ու չարչարանքներու սկիզբը, քաղուած Մատթէոսի Աւետարանէն (Գլ. 26, 1-19 համարները) ուր կը խօսուի Յիսուսի դէմ դաւադրութեան մասին, Բեթանիոյ մէջ Յիսուսին բորոտ Սիմոնի տան տուած այցելութեան մասին, ուր կին մը Յիսուսի գլխուն վրայ թանկագին անուշահոտ մը կը պարպէ եւ Յուդայի մատնութեան ու վերջին ընթրիքի պատրաստութեան մասին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.